Նորին Սրբութիւնը այցելեց Լիմասոլի հայ համայնքը

Հոգեւոր հովիւ Գերապատիւ Տէր Յովհաննէս Ծայրագոյն Վարդապետ Սաղտըճեանի, հոգաբարձութեան անդամներուն եւ հայ համայնքի զաւակներուն ջերմ դիմավորութեամբ ողջունեցին Նորին Սրբութիւնը, իր շքախումբին ընկերակցութեամբ, որը ժամանեց Կիպրոսի Լիմասոլ քաղաքը, Կիրակի, 7 Դեկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան։

Նորին Սրբութիւնը, մուտք գործելով Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ, ուր Կիպրոսի Հայոց Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերաշնորհ Տէր Կոմիտաս Արքեպիսկոպոս Օհանեան յանուն Լիմասոլի հայ համայնքին առողջութիւն եւ երկար ու բեղուն գահակալութիւն մաղթեց։ Այնուհետեւ խօսք առաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հայր սուրբը՝ ընդգծելով, որ համայնքը համախմբուած է իր Հովուապետին շուրջ՝ լսելու անոր իմաստուն պատգամները եւ ստանալու անոր հայրական օրհնութիւնը։ Ան նաեւ նշեց, որ այս գաղութը, ինչպէս անցնող տարիներուն, այսօր եւս հաւատարմօրէն կը կանգնի եկեղեցւոյ բոլոր ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն։

Ապա, Նորին Սրբութիւնը իր հայրապետական խօսքը ուղղելով հաւատացեալ ժողովուրդին ըսաւ․ «ինծի համար յատուկ ուրախութիւն է դարձեալ գտնուիլ Լիմասոլի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ՝ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն հետ։ Եկեղեցին հաւատքի վրայ հիմնուած ժողովուրդ է եւ ո՛չ թէ սոսկ շէնք կամ վարչական կեդրոն է։ Ձեր ներկայութեամբ այս սրբազան յարկը իր ճշմարիտ իմաստը կը ստանայ։ Եկեղեցւոյ համայնական կեդրոնին ձեր մասնակցութեամբ Աստուծոյ կը միանաք եւ կը դառնաք ճշմարիտ եկեղեցի։ Եկեղեցւոյ մեծութիւնը կամ փոքրութիւնը, տեղը կամ նիւթական կարողութիւնը ո՛չ մէկ արժէք կը ներկայացնեն, որովհետեւ եկեղեցին ո՛ւր որ ալ ըլլայ՝ Աստուծոյ ու մեր ազգին տունն է։ Մենք որքան այս տան մէջ ըլլանք ու Աստուծոյ ներկայութիւնը ապրինք, Աստուծմով կը զօրանանք եւ մեր հոգեւոր կեանքը կը վերանորոգենք։ Հետեւաբար, իմ սպասումս է, որ եկեղեցւոյ կեանքին բերէք գործօն ձեր մասնակցութիւնը»։

Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեան խօսքէն ետք, եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ գողտրիկ յայտագիր մը, որուն աւարտին հաւատացեալները առիթ ունեցան մօտենալու Նորին Սրբութեան եւ ստանալու անոր օրհնութիւնը։